2015-02-05 10:06:02

Գերապայծառ Զենարի` կոտորել ատելութեան ու սարսափի շղթան։


(Ռատիօ Վատիկան) Տամասկոսի մօտ Ս. Աթոռի դեսպանը գերապայծառ Զենարի` խօսելով Իսլամ պետութեան որդեգրած սարսափի քաղաքականութեան մասին ընդգծած է հարկաւորութիւնը հեռանալու բռնութեան մտայնութենէն։
''Դժբախտաբար Սուրիոյ ճամբաները, հրապարակները եւ նոյնիսկ անապատը թաթխուած են արիւնով պատճառուած ռմբակոծումներէն, պայթումներէն, գլխատումներէն ու ողջ մարդոց հրկիզումէն։
Այս արիւնը յաճախ անմեղ մանուկներու արիւնն է, անչափահասներու արիւն է, ամէն տարիքi ու ամէն հաւատքի պատկան անհատներու'' ըսած է Գերապայծառ Զենարի յայտնելով թէ ''յոյսով եմ որ միջազգային հասարակութիւնը պատշաճ պատասխան տայ, վերջ դնելու այս բռնութիւններուն ու յառաջ բերելու խաղաղասէր նոր աշխարհ մը, հիմնուած հաշտութեան ու ներումի վրայ, որպէսզի անմեղներու արիւնը ի զուր տեղ թափուած չըլլայ''։
''Ամէնքս աշխատելու ենք աւելի հաշտ ու աւելի եղբայրական աշխարհի մը համար'' նշած է գերապայծառ Զենարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.